@book{321,
	author = {Չօպանեան, Արշակ Յովհաննէսի,},
	title = {ԱՆԱՀԻՏ : },
	publisher = {Տպարան «ԱՆԱՀԻՏ»,},
	year = {1898-1911, 1929-1940, 1946-1949.},
	address = {Բարիզ :},
	note = {1912-1928թթ.-ուն հանդէսը լոյս չէ տեսած, 1929թ. Մայիսէն վերահրատարակուած է նոր շրջանով։ / Տե՛ս 1929թ. թիւ 1, էջ 128՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ։ "Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք մեր բոլոր այն պաշտօնակիցներուն որ ա՜յնքան սիրալիր տողերով հաճեցուն ծանուցանել «Անահիտ»ի վերերեւումը: Ա. Չ․"    

1941-1945թթ.-ուն հանդեսը լոյս չէ տեսած / Տե՛ս 1940թ. # 5-6, էջ 47՝ "«ԱՆԱՀԻՏ»Ի ՎԵՐԵՐԵՒՈՒՄԸ։
Անահիտի ներկայ միացեալ թիւը, որ լոյս կը տեսնէ Ֆրանսայի գերման գրաւման հետեւանքով այդ հանդէսի վեց տարի դադարումէն յետոյ, կը բաղկանայ երեք մասէ: Առաջին մասը տպուած էր արդէն 1940ին, երբ գերման բանակը մտաւ Փարիզ եւ որոշեցի դադրեցնել թերթիս հրատարակումը մինչեւ Գերմանացւոց պարտութիւնն ու Ֆրանսայի ազատագրումը: Երկրորդ մասին ձեռադիրները ամբողջապէս պատրաստ էին եւ պիտի կազմէին Անահիտի 1940ի Յուլիս-Դեկտեմբեր ամիսներու միացեալ թիւը, եթէ Փարիզի գրաւման աղէտը պատահած չըլլար. ատոնք մեծ մասամբ նոյն իսկ շարուած էին: Թէեւ Քրոնիկս նուիրուած է դէպքերու եւ դէմքերու որոնք արդէն անցեալին կը պատկանին, ես պարտք համարեցայ հրատարակել աշխատութիւնը զոր կատարէր եմ այդ շրջանի իրադարձութեանց մեկնաբանման համար: Երրորդ մասը կը կազմուի գրական կամ բանասիրական էջերէ զոր աշխատակիցներ ինծի ղրկած էին արդէն եւ կամ Փարիզի ազատագրումէն յետոյ ղրկեցին, ինչպէս եւ այն երեք նահատակ հայ գրողներու, Գեղամ Աթմաճեանի, Միսաք Մանուշեանի եւ տիկին Լուիզա Ասլանեանի հերոսական դէմքերուն նուիրուած յօդուածէս ու ազատագրումէն յետոյ շարադրուած Քրոնիկէս:
Ազատագրումէն անմիջապէս յետոյ որոշած էի եւ կը փափաքէի հրատարակել այս միացեալ թիւը, բայց կը ցաւիմ որ ինչ ինչ դժուարութեանց առջեւ գտնուելով՝ չկրցայ աւելի շուտ այդ փափաքիտ գոհացում տալ եւ այդ որոշումս գործադրել: Այսուհետեւ Անահիտը պիտի հրատարակեմ տարուան մէջ երկու միացեալ թիւ՛ ձեւին տակ:
Շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ բոլոր այն աշխատակիցներուս ու բարեկամներուս որ գրական էջեր կամ բանասիրական յօդուածներ փութացին ղրկել ինծի, եւ կամ այլ ձեւով ինծի աջակցելով՝ թերթիս վերերեւումը դիւրացուցին: Ա. Չ."                                           },
	url = {https://arar.sci.am/dlibra/publication/464234?language=hyw#structure}
}
