@book{118,
	author = {Մամուրեան, Մատթէոս Յովհաննէսի,},
	title = {ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ :},
	publisher = {տպ. Մամուրեանի,},
	year = {1919-1922},
	address = {Իզմիր :},
	note = {1919, Յունիս 15, Թիւ 1968 "ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ․․․ Երբ 1909 Օգոստոսին Իզմիրի մէջ առաջին անգամ օրաթերթ մը հրատարակել մտագրեցինք, թէև փափաքեցանք այն ատեն հրատարակուող մեր շաբաթաթերթին՝ «Արեւելեան Մամուլ»ի անունով հրապարակ հանել, բայց թուրք իշխանութիւններն դժվարութիւններ յարուցած ըլլալով ստիպուեցանք ուրիշ անունով մը հրատարակել և այդ եղավ «Դաշինք»ը։ Այսպէս շարունակեցինք մինչեւ համաշխարհային պատերազմի երկրորդ տարին, երբ քմահաճ հրամանով մը՝ առանց որ և է պատճառի դադրման դատապարտեցին մեր թերթը։ Զինադադարէն ետք երբ կարգ մը բարեկամներ խրախոյս ու սատար եղան կրկին օրաթերթի մը հրատարակութեան, դարձեալ փափաքեցանք «Արեւելեան Մամուլ»ի անունով հրատարակիլ, սակայն կրկին կարգ մը ձեւակերպութիւններ պահանջուեցան և ստիպուեցանք «Դաշինք»ը վերսկսիլ։ Այսօր սակայն՝ շնորհիւ հելլէն իշխանութեանց բարեացկամ և արդարամիտ ուղղութեան մեր առաջարկն ընդունուեցաւ և ահա այսօրուընէ սկսեալ «ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ» անուամբ կ'շարունակենք «Դաշինք»ը առանց որ և է փոփոխութիւն մը ներմուծելու անոր կազմին ու հրատարակութեան ձեւին մէջ։ ...Այսպէս ուրեմն մեր հոր 1871ին հիմնած թերթն իր չորրորդ ձեւափոխութեան մէջ մը մտնէ, հետեւելով իր կարգին բարեշրջման ուղքին։  «Արեւելեան Մամուլ» իբրեւ հանդէս հրատարակուած է 23 տարի՝ 1871էն 1893, իբրեւ կիսամսեայ հանդէս 7 տարի՝ 1894էն մինչեւ 1902 և իբրեւ շաբաթաթերթ 7 տարի՝ 1903էն մինչեւ 1909 և ահա իր գոյութեան 40րդ տարին կը մտնէ օրաթերթին ձևին տակ։ Շփոթութիւն չպատճառելու համար պիտի շարունակենք «Դաշինք»ի թիւերու շարունակութիւնն, փոխելով միմիայն տարիին թուականը․․․։ Հ․ Մ․" },
	url = {https://arar.sci.am/dlibra/publication/322208?language=hyw#structure}
}
